Շաբաթ 6 Ապրիլ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ բացումը կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի կեդրոնական յանձնախումբին կազմակերպած միօրեայ խորհրդակցական հանդիպումին:
Վեհափառ Հայրապետը բացումը կատարելով խորհրդակցական սոյն հանդիպումին իր գնահատանքը յայտնեց նման համագումարի մը կազմակերպման, ապա՝ իր բացման խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց ըսելով «100- ամեակը, որոշ ժամանակաշրջանի մէջ ամփոփող ձեռնարկներու կամ ծրագիրներու ամբողջութիւն մը պէտք չէ ըլլայ, այլ ընթացք մը 2015-էն առաջ սկսող ու շարունակող: Կրկնութիւններէ ու խաչաձեւումներէ հարկ է խուսափիլ: Մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ իրապաշտ ու գործնապաշտ»:
Միջին Արեւելքին անդրադառնալով Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ «Միջին Արեւելքը մեզի համար կարեւոր ենթահող է: Այս ծիրէն ներս, հիմնական երեք կէտերու պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք, ըսաւ Վեհափառը.
ա) Իսլամական աշխարհին մէջ Հայ Դատի հետապնդումը տարբեր մօտեցում կը պահանջէ, մանաւանդ որ մեր թշնամին իսլա՜մ է: Իսլամութեան ինչպէ՞ս պիտի ներկայացնենք մեր հարցը: Պէտք է ուշադրութեամբ քննենք ու ուսումնասիրենք մեր միջավայրէն ներս կատարուող իրադարձութիւնները ու գոյութիւն ունեցող զգայնութիւնները եւ ճիշդ կերպով կարենանք ներկայացնել մեր դատը իսլամ աշխարհին:
բ) Թուրքիոյ հետզհետէ զօրացող ու ներթափանցող ներկայութիւնը շրջանէն ներս, լուրջ խնդիր է: Շրջանի տարբեր երկիրներու նախագահներու եւ պետական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներուս ընթացքին, միշտ կը յիշեցնեմ անոնց, ըսելով թէ ‘Թուրքիոյ դիմաց ձեր դռները շատ լայն բացած էք, օրը պիտի գայ ու պիտի անդրադառնաք ձեր կատարած սխալին: Թուրքիան տարբեր դիմակներ կը գործածէ’: Հետեւաբար, պէտք է ըլլանք արթուն. ձեղասպանը մօտէն կը հետեւի մեր քայլերուն: Թուրքիոյ կատարած ու կատարելիք միջամտութիւններուն դիմաց պիտի չնահանջենք ու չտկարանանք:
գ) Ցեղասպանութիւնը անցեալին պատկանող դէպք մը չէ: Սփիւռքը Ցեղասպանութեան հետեւանք է, եւ որոշ իմաստով Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի…: Այս գիտակցութեամբ պէտք է գործենք»:
Եզրափակելով իր խօսքը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Ծեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման աշխատանքները երեք տարածքներ ունին՝ պատմական, քաղաքական եւ իրաւական: Ժամանակը հասած է, որ առանց անտեսելու առաջին երկուքը, յստա՜կ առաջնահերթութիւն տանք իրաւական երեսին: Այս գծով հսկայ աշխատանք ունինք ունինք կատարելիք՚: Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս աւելցուց՝ ՙՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պաշտպանը եղած է միշ Հայ Դատին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն: Նոյն ոգիով պիտի շարունակենք զօրավիգ կանգնիլ ի խնդիր մեր Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման բոլոր աշխատանքներուն, որովհետեւ Հայ ժողովուրդին դատը՝ Հայ եկեղեցւոյ դատն է»:
Նորին Սրբութեան բացման խօսքէն ետք, խորհրդակցական հանդիպումի մասնակիցները, Թանգարանին «Կիլիկիա» սրահին մէջ սկսան իրենց հանդիպումին
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան նշանակած 100-ամեակի յանձնախումբը սոյն համագումարին ներկայացուց Պրն. Վիգէն Պզտիկեանը, որ իր կարգին ելոյթ ունեցաւ եւ ներկաներուն յայտնեց շրջանէն ներս տեղի ունենալիք ծրագիրները: