Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2016-ի կէսօրէ ետք ժամը 15:00-ին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց, Ապու Տապիի եւ Քաթարի Ազգային Վարչութեան Ատենապետերուն Պրն. Մուշեղ Պետիրեանի, Պրն. Բագրատ Պալապանեանի եւ Պրն. Սթիւ Գարամարտեանի, Անթիլիասի մայրավանքէն ներս հանդիպում մը ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին հետ:

Շուրջ կէս ժամ տեւող այս հանդիպումը առիթ ընծայեց որ Վեհափառ Հայրապետը լսէ  շրջանի նորակառոյց թեմի աշխատանքները եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Ինչպէս նաեւ իր թելադրութիւնները, ցուցմունքները եւ օրհնութիւնը փոխանցէ ժողովականներուն եւ թեմին:

Դիւան

Ազգային Առաջնբրդարանի