Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան 22-րդ Տարեդարձ

Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2020-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմէն ներս, նշուեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական առաջին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան 22-րդ տարեդարձը: Այս առիթով եկեղեցիէն ներս տեղ ունեցող հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, ուր իր պատգամին մէջ հիմնական օրէն անդրադարձաւ եկեղեցւոյ գործունէութեան կարեւորութեան մասին, մատնանշելով որ 21-րդ դարու հայ հոգեւորականը եկեղեցին իր պատերէն անդին տանելու հրամայականին տակ կը գտնուի այսօր: Ինչպէս նաեւ Սրբազան հայրը քարոզին աւարտին յատուկ կերպով իր գնահատանք ու շնորհակալութիւնը յայտնեց, անցնող տարիներու ընթացքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ համալիրի առաքելութեան յաջողութեան մասնակից դարձող, հոգեւոր հայրերուն, ազգային...

Read More

Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան Կ՛այցելէ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Հինգշաբթի 1 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Հ. Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան՝ Պրն. Մհեր Մկրտումեանի հետ։ Աւելի քան 1 ժամ տեւող հանդիպումը կեդրոնացաւ վերջին օրերու ընթացքին Արցախի դէմ տեղի ունեցած պատերազմին շուրջ։ Այս առիթով Սրբազան Հայրը յանուն Ազգային իշխանութեանց, Հոգեւորականաց դասուն եւ Թեմի ժողովուրդին իր զօրակցութիւնը յայտնեց պարոն դեսպանին, մաղթելով Հայրենիքի անդորրութիւնը վտանգող այս պատերազմը, խաղաղութեան եւ յաղթանակի առաջնորդէ Հայաստանն ու Արցախը։ Նշենք՝ որ անցնող օրերու ընթացքին Սրբազան Հայրը մնայուն կապի մէջ էր Հ.Հ. Դեսպանին եւ Տուպայի ու Հիւսիսային Էմիրութեան Հիւպատոսին հետ Արցախեան պատերազմի նորութիւններու մասին։ Այս Առիթով...

Read More

Առցանց Հանդիպում Ն․Ս․Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Երեքշաբթի 1 Սեպտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախօրոք թելադրութեամբ, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ՝ Տիար Սեպուհ Մանճիկեանի եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Մահսերէճեանի, առցանց հանդիպում մը ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Սրբազան Հայրը որդիական իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հօր իրենց այս առիթը ընծայելուն եւ մօտէն հետեւելուն համար թեմի աշխատանքներուն, դիմագրաուած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Ապա երեսփոխանական Ժողովի ատենապետը՝ Տիար Սեպուհ Մանճիկեան, ամփոփ կէտերու մէջ զեկուցեց, թեմի ներկայ ընդհանուր կացութիւնը եւ Վեհափառ Հօր ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը դժուարութիւններ,...

Read More

Հայրերու Օրուան Առիթով Առցանց Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Տիկնանց յանձնախումբին Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2020-ին յետմիջօրէին ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ հայրերու տօնին նուիրուած առցանց հանդիպում: Հանդիպման ընթացքին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը իր պատգամը փոխանցեց եւ իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանեց, հանդիպման նաեւ ներկայ էր Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Ատենապետ՝ Պրն. Սեպուհ Մանճիկեանը որ իր կարգին պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: Յայտագիրը սկիզբ առաւ տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Թամար Պետրճիքեանի բացման խօսքով, ուր շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան հօր եւ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետին հայրերու տօնին առիթով նուիրուած տիկնանց յանձնախումբի ձեռնարկին մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սրբազան հօր արտասանած խօսքին Ապու...

Read More