Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան Եւ Օծման 25-րդ Ամեակին Առիթով

Ուրբաթ 26 Յունիս 2020-ի Առաւօտուն, Ապու Տապիի Առաջնորդանիստ՝ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ։ Պատարագի աւարտին նախագութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան եւ Օծման 25-րդ Ամեակին առիթով։ Սրբազան Հայրը օրուան պատգամին մէջ անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երանաշնորհ հայրապետներուն տարած վիթխարի աշխատանքին, անոնց իրագործած բազմաթիւ յաջողութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ դողած անչնչելի դրոշմին մասին։ Սրբազան Հօր քարոզը հիմնականօրէն կեդրոնացաւ, անցնող 25 տարիներու ընթացքին, Ազգընտիր Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրով, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ունեցած...

Read More

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Ալ Այնի մէջ

​Հինգշաբթի 12 Մարտ 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Այնի Աստուածածին Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Այն բնակող հայ ընտանիքներուն համար։ ​Ապու Տապի Մայրաքաղաքին պատկանող եւ շուրջ 1։30 ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ալ Այն քաղաքին մէջ կը բնակին մի քանի հայ ընտանքիներ, որոնք ընդհանրապէս Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Պատարագին եւ եկեղեցական արարողութեանց կը մասնակցին։ ​ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ, Ապու Տապիի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանի գլխաւորութեամբ ինչպէս նաեւ ընդառաջելով Այնի մէջ ապրող հայ ընտանքիներուն բուռն փափաքին Ղպտի ուղղափառ եկեղեցիէն ներս Պատարագ մատուցուեցաւ, ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին։ ​...

Read More

Հսկումի Արարողութիւնը Շարժայի Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Ա․Մ․Է․ եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ’ Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեանին, Չորեքշաբթի 4 Մարտ 2020-ին, Շարժայի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Հսկումի արարողութիւն։ Սրբազան Հայրը արարողութեան աւարտին հաւատացեալներուն կատարեց հոգեւոր խորհդածութիւ․ անդրադառնալով ընդհանրապէս մեծ պահոց խորհուրդին ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ Ս․ Հայրերուն կողմէ հաստատուած հսկումի արարողութեան եւ անոր նպատակին շուրջ։ Աւարտին հաւատացեալները հրաւիրուեցան համալիրի Փիէռ Քօսէյեան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ տիկնանց յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած հիւրաիրութիւնը։ Նշենք որ սոյն հիւրասիրութիւնները պիտի շարունակուին հրամցուելու մեր հաւատացեալներուն ամէն չորեքշաբթի հսկումի արարողութեան աւարտին։ Կո՜չ կ’ուղենք մեր հաւատացեալներուն մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելի մեր եկեղեցւոյ Ս․ Հայրերու աղօթքներով։ Թաղականութիւն Ս․...

Read More

Ազգային Երեսփոխանները կ’այցելեն Օհաննէսեան Վարժարան

Շաբաթ, 29 Փետրուար 2020-ին Ազգային Երեսփոխանական ժողովը որ իր տարեկան 8-րդ լիակատար ժողովը կը գումարէր Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, դադրեցնելով օրակարգի աշխատանքները Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընկերակցութեամբ այցելեցին Օհաննէսեան Ազգ. Միօրեայ Վարժարանը: Սոյն այցելութիւնը առիթ ստեղծեց երեսփոխանական ժողովի անդամներուն մօտէն ծանօթանալու դպրոցական առօրեայ կեանքին եւ ականատէս ըլլալու տարուած աշխատանքին, այս առիթով վարժարանի ուսանողները երգերով եւ ասմունքներով ելոյթ ունեցան: Դիւան Ազգ....

Read More

Հաղորդագրութիւն

Նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի 28 եւ 29 Փետրուար 2020-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական (ԻԸ) Ը ժողովը, ներկայութեամբ Թեմի Հոգեւոր դասուն, երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Համաատենապետ Պրն. Գրիգոր Մահսերէճեանի: Աղօթքով սկիզբ առաւ ժողովը ապա՝ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներէն Պրն. Վահէ Հաւանճեանին որ անցնող ամսուայ ընթացքին յանկարծամահ եղաւ Տոհայի մէջ: Ժողովը բացուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ուղարկած պատգամի ընթերցումով, որմէ ետք Սրբազան Հայրը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ժողովը: Սրբազան Հայրը իր բացման խօսքին մէջ ողջունելէ ետք...

Read More